2013-01-11 11:49:22

Սուրբ Երկիր` Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներու Այցելութեան Եզրափակիչ Պատգամը


Յունուարի 5-10, Գանատայի, Սպանիայի, ԱՄՆի, Անգլիոյ, ֆրանսայի եւ Իզլանտայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ ուխտագնացութիւն կատարեցին Ս. Երկիր ուր խորհրդակցական ժողով մը գումարեցին համակարգելու համար իրենց նպաստները Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն։
Սուրբ Երկիր կեցութեան ընթացքին եպիսկոպոսները առիթը ունեցան այցելելու Յորդանանը ու հանդիպելու իրագցի եւ սուրիացի փախստականներուն հետ։ Անոնք այցելեցին նաեւ Կազզան, մօտէն ծանօթանալով տեղական քրիստոնեայ հասարակութեան իրավիճակին։
Եպիսկոպոսներու հինգ օր տեւող պաշտօնական այցը եզրափակուեցաւ 10 յունուարին Երուսաղէմի սուրբ Թաղման տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Արարողութեամբ որուն աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ այցելութեան եզրափակիչ պատգամը։
Իրենց Պատգամին մէջ եպիսկոպոսները կը գրեն ''յանձնառու ենք շարունակելու մեր կոչը համապատասխան մեր կառավարութւններուն որպէսզի աշխատին անարդարութեան դէմ պայքարելու''։ Անոնք ապա կը հաստատեն թէ այցելութեան ու հանդիպումներու հետեւանքով. ''մեր հաւատքը զօրացաւ մեր հանդիպած մարդոց քաջութեամբ եւ ուժով, ինչպէս Սուրիայի եւ Իրագի գաղթականները''։ Եպիսկոպոսները ապա կ՛աւելցնեն ''ներշնջուած ենք զարգացնելու արդար խաղաղութիւն մը ու մեր երկիրներու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ու աշխարհի տարածքին բարի կամք ունեցող մարդոց կոչ կ՛ուղղենք որ սատարեն այն գործին զոր յանձն առած ենք այս տարածաշրջանի մէջ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով։
Մենք կանչուած ենք նաեւ ուրիշներուն փոխանցելու թէ ինչպէս Աստուծոյ Հաւատքը լոյս կը ներշնջէ Սուրբ Երկրի մէջ ապրող մարդոց կեանքին։ Կը յորդորենք քրիստոնեաները ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Երկիր` ուր պիտի կարենան ճաշակել տեղւոյն ժողովուրդի հիւրընկալութիւնը։ եզրափակելով իրենց պատգամը եպիսկոպոսները կը գրեն ''Արդ կը միանանք Սրբազան Քահանայապետի կոչին որ իսրայելցիներն ու պաղեստինցիները համագորածկացին երկու ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան ու երկու պետութիւններու արդար ձգտումնեու իրականացման ի խնդիր ու Երուսաղէմը ըլլայ ոչ բաժանումի այլ խաղաղութեան Քաղաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.